Geneva, Switzerland

Advancing the Heritage of Armenians in Jewellery

About Us
  • Board of Trustees

    The Armenian Jewellers Foundation was officially launched in Geneva, Switzerland, on August 16, 2013.

     

         
  • Mission

    The Armenian Jewellers Foundation is an exciting new effort that will explore the global heritage of jewellery, discover key jewellers and their contribution to the industry and provide funds to establish educational programs and scholarship programs for young emerging jewellers from all over the world.

  • Initiatives

    AJF plans to implement a number of initiatives in 2016 promoting Armenian jewellery heritage and providing scholarships to deserving young students.

  • Scholarship Program

    AJF launched its pilot scholarships program in 2014 thanks to an agreement signed with the Armenian Gemological Laboratory and Academy (AGLA) to fund gemological training for young Armenian students.

  • 100th Anniversary

    AJF sponsored and managed the publication, for the first time, of Miller’s collection catalogue and promote exhibits in 2015 and 2016. The inaugurating event was held on April 27, 2015 in St-Petersburg, with plans for further exhibits in Moscow, Yerevan, as well as in Europe and North America. 

Digital Library
  • Armenian Master Silversmiths by Osep Tokat

    AJF is proud to announce the launch of its Digital Library project dedicated to the history of Armenian jewellery art.

  • Armenian Master Silversmiths Book Review by Jack Ogden

    Tokat’s “profound fondness for silver” was prompted by what he calls “a handful of delicate Armenian artworks” that his parents had somehow managed to hold onto when they survived the Armenian genocide of 1915.

  • Treasures of Western Armenia

    Once in a lifetime, we come across an exceptional project; the publication and exhibition of the Treasures of Western Armenia is such an undertaking

Discover
  • Armenian Jewellery Heritage

    As we look back in time, there is a story to be told about every object, every road and every person. For the foundation, retracing the history of jewels and gems and the priceless objects on which they were adorned will allow us to look into a history that is rich with tales of love, loss and loyalty. 

  • History of Armenian Jewellery

    Since the dawn of civilization the art of jewellery making has been essential to man’s social development. Thousands of years ago communities would mine metals and then produce and trade jewellery of all types to the surrounding communities.

  • Today’s Prominent Jewellers

    Throughout history, jewellery masters have lived and worked in major city centers of the world, significantly contributing to the development of the global jewellery and gems industry. 

Study
  • AJF's Pilot Scholarship Program

    AJF launched its pilot scholarships program in 2014 thanks to an agreement signed with the Armenian Gemological Laboratory and Academy (AGLA) to fund gemological training for young Armenian students.A

  • Yearly Grants

    SCHOALRSHIPS PROGRAM 2015 
    AJF TO AWARD EDUCATIONAL GRANTS IN DIAMOND GRADING

Sponsor
  • Become a Friend

    Become a Friend of the Armenian Jewellers Foundation and gain the opportunity to receive updated information about our recent discoveries and have the opportunity to be involved in Foundation Activities and Events.

    Your involvement as a Friend to the Foundation will make a difference and will help create a community that will allow the Foundation to prosper.

  • Fundraising Initiatives

    Franck Muller Limited Edition Watches

    The Foundation’s first fundraising effort is made possible thanks to the generous support of Mr. Vartan Sirmakes, CEO of Franck Muller Geneva, who offered to manufacture a special limited series of Franck Muller watches celebrating the Armenian Alphabet. These watches will be given as a memento to the Foundation’s patrons whose contributions will provide start-up funds for education and research activities.

  • Current Patrons

    Become a Patron of the Armenian Jewellers Foundation and gain the opportunity to acquire unique gifts and get recognition for your contributions in all the Foundation’s publications.

    Your support as a Patron to the Foundation will make a difference and will shed light on a rich history and help educate the young jewellers of the future.

news

Հայ Արծաթագործ Վարպետներ Ճեք Օգդենի գրախոսականը

Published : Saturday, December 28, 2019
Back to News Section

Enameled silver necklace. 19th century. Antep, village of Beyazıd. 82 gr. Museum of History in Armenia. Արծնապատ արծաթեայ վզնոց։ 19-րդ դար։ Այնթապ, գիւղ Պեյազիտ։ 82 գր.։ Հայաստանի պատմութեան թանգարան։

Թոքաթի «մեծ սէրը արծաթի հանդէպ» սկիզբ առած է ինչպէս ինք կը կոչէ «բուռ մը հայկական նուրբ արուեստի գործերէն», զոր իր ծնողները կերպով մը յաջողած էին փրկել 1915-ի Ցեղասպանութիւնը վերապրելով։ Այդ իրերը պատճառ եղան անոր ուսումնասիրութիւններուն եւ նպատակին՝ «անմահացնելու այն բոլոր սքանչելի վարպետներու անունները, որոնց տաղանդը բաւարար չեղաւ իրենց կեանքը փրկելու համար», այն վարպետներու՝ որոնց նուիրուած է այս գիրքը։ Հատորն այսպիսով կը յիշատակէ ինչպէս կերտողները այնպէս ալ իրենց ստեղծագործութիւնները: Այն լրամշակուած հրատարակութիւն մըն է Անգլերէն/Հայերէն տարբերակին, որ լոյս տեսած էր 2005-ին։
Հայ վարպետները եւ առեւտրականները հիմնական դեր մը ունեցած են ոսկերչութեան եւ ոսկերչական իրերու պատմութեան մէջ, սակայն շատ յաճախ անտեսուած կամ մոռցուած մնացած են առաւելապէս արեւմտեան աշխարհը ներկայացնող անցեալ դարու գիտահետազօտական աշխատութիւններու եւ հրատարակութիւններու մէջ։

 

Bible, with silver covers made in Baghesh [Bitlis]. Mesrop Mashtots Library, number 9422.
Աստուածաշունչ, արծաթեայ կողքով, պատրաստուած Բաղեշում [Բիթլիս]։ Մատենադարան, համար 9422

Ներկայ հատորը գլխաւորապէս կեդրոնացած է Վանի եւ յարակից շրջաններու արծաթագործական աւանդութիւններու վրայ, եւ համապատասխանաբար, նիւթը կը զետեղէ շրջագծի մը մէջ՝ սկսելով Վանի տարածքի եւ այնտեղի հայերու պատմութեամբ, առասպելական անցեալէն մինչեւ միջնադար, մինչեւ զիրար յաջորդող մեծ տիրութիւններու գրաւումները։ Անոնց շարքին են Մեծն Աղեքսանդրի, Հռոմէացիներու, Պարթեւներու, Սասանեաններու, Արաբներու եւ իհարկէ՝ Օսմանցիներու բանակները։

Զաւթիչները յաճախ կ՚ոչնչացնեն արուեստը եւ արուեստագետները, սակայն շատ անգամներ նաեւ այդ կը իւրացնեն եւ կը տարածեն։ Թոքաթ ցոյց կու տայ թէ ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան մէջ բոլոր արհեստներու ծաղկումը, ներառեալ ոսկերչութիւնը և արծաթագործութիւնը, մեծաւ մասամբ տեղի ունեցած է շնորհիւ հայ վարպետներու հմտութիւններուն։ 1500-ական թուականներուն հայ ոսկերիչները եւ արծաթագործները կը վերաբնակեցուին Իսթանպուլ, ուր շուտով կը գերազանցեն յոյներուն սոյն արհեստի մէջ՝ որպէս լաւագոյն վարպետները։ Երբ սուլթան Սալիմ 3-րդը (1789 - 1807) ոսկեայ եւ արծաթեայ նուէրներ կը փնտռէր Նափոլեոն Պոնաբարտի համար, ան Տուզեան ընտանիքին դիմեց զանոնք պատրաստելու համար։

Cane handle. Gold with precious stones. 1st century BC. Museum of History of Armenia.
Գաւազանի ոսկեայ բռնիչ՝ թանկագին քարերով։ ՔԱ Ա. դար։ Հայաստանի պատմութեան թանգարան։

Վանի հայոց պատմութիւնը ներկայացնելէ ետք, հատորին մէջ կը ներկայացուի ամբողջ Հայաստանի ոսկերչական եւ արծաթագործական արուեստը, ուր ներառուած են Հայաստանի պատմութեան թանգարանի որոշ նմուշներու պատկերները նկարագրութիւններով, իրեր՝ որ մինչ այժմ շատ յայտնի չեն Հայաստանէն դուրս։

Հրատարակութեան մեծ մասը սակայն, գրէթէ 130 էջ, Վանի հայ վարպետներու եւ անոնց աշխատանքի մասին է։ Նշուած անուններէն որոշներ կը կապուին մեզի հասած նմուշներու հետ։ Անոնցմէ նշանակալի է Գեւորգ Գույումճուպաշեանի արծաթեայ կլոպուսը։ Կլոպուսը կը յենի Աթլասի թիկունքին եւ ունի իր շուրջը պտտող, համամասնօրէն պատրաստուած լուսին մը։ Կը կշռէ 8 քիլոկրամ եւ ունի կէս մեթր բարձրութիւն։ Պատկերուած եւ նկարագրուած արծաթեայ գործերու մեծ մասը շատ աւելի փոքր չափերու մէջ է եւ կը բնորոշուի բարդ սեւատապատուած աշխատանքով, ինչպէս օրինակ ծխախոտի տուփերը՝ խիտ երկրաչափական ձեւաւորումներով, քաղաքի եւ կարեւոր շէնքերու պատկերներով։ Յատկապէս հմայիչ են ջուրի ամանները կեդրոնական յատուածաւոր ձուկով։

Nielloed silver water cup. Van 84, 13x6 cm., 320 gr., private collection.
Սեւատապատուած արծաթեայ ջուրի ըմպանակ։ Վան 84, 13x6 cm., 320 գր., մասնաւոր հաւաքածոյ։

Սեւատապատումը, ինչպէս Թոքաթ կ՚ըսէ, «եզակի տեղ ունի հայկական արուէստին մէջ»։ Հեղինակին համար յատուկ հետաքրքրութիւն մը կը ներկայացնեն Վանի եւ Թաւրիզի երեք արծաթագործներու սեւատի պատրաստման եղանակները։ Անոնք տարբեր են. օգտակար յիշեցում մը հին սեւատի մասնագէտներուն, որ նոյնիսկ նոյն ժամանակաշրջանի եւ վայրի վարպետներու միջեւ այդ պատրաստման եղանակները նոյնական չենք կրնար համարել։

Սեւատապատուած արծաթեայ իրերու տեսականին իսկապէս զարմանալի է. զարդատուփերէն մինչեւ մտրակներ՝ ներկառուցուած սուլիչով, ներկի ամաններէն մինչև անձրևանոցի բռնակներ։ Արծաթեայ ծխախոտատուփերու տեսակ մը ծրարի տեսք ունի, կնիքով եւ ամսաթիւով հանդերձ։ Ըստ իսթանպուլեան վարպետ Յակոբ Սահակեանի՝ երիտասարդները չէին կրնար իրենց զգացումները ազատօրէն արտայայտել, ատոր համար երիտասարդ աղջիկները ասյպիսի ծխախոտատուփեր կը նուիրէին իրենց սիրեցեալին։ Այսպիսի յարաբերութիւններու արտայայտութիւն մըն էր նշանադութեան մատանիներու արծաթեայ տուփը։ Ըստ հին հայկական աւանդութեան մը փեսացուին ընտանիքը նշանադրութեան մատանին կը դնէր նման տուփի մը մէջ, որ կ՚օրհնուէր տեղւոյն քահանային կամ եպիսկոպոսին կողմէն, եւ ապա այն կը յանձնուէր հարսնցուին ընտանիքին։ Նման առարկաներու, անոնց հեղինակներու, իրենց նշաններու եւ աւանդական նշանակութիւններու եւ կիրառութիւններու լուսաբանումը զգալիօրէն կ՚աւելցնէ մեր արժեւորումը այդ առարկաներու, անոնց պատուիրատուներու, ստեղծողներու եւ պահպանողներու հասարակութեան հանդէպ։

General Andranik's sword, Armanian masters of Egypt, Museum of History of Armenia
Անդրանիկ զօրավարի թուրը, եգիպտահայ վարպետներ, Հայաստանի պատմութեան թանգարան

Նախավերջին գլուխը՝ «Վանէն անդին», նուիրուած է ընդհանուր հայ ոսկերիչներուն եւ արծաթագործներուն։ Այն կը ներկայացնէ Սփիւռքի հայ վարպետները՝ Ռուսաստանի, Կովկասի, Եգիպտոսի, Եթովպիոյ, Ֆրանսայի, Հնդկաստանի, Իրանի եւ այլ քաղաքներու, որոնք այժմ Թիւրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ կը գտնուին։ Հատորին վերջին գլուխը արդէն պարզ է իր դառը վերնագիրէն. «Իսթանպուլի վերջին հայ արծաթագործները»։ Տխրութիւնը, որով կը տեղեկանանք ուշ 19-րդ եւ վաղ 20-րդ դարերուն ամբողջ Օսմանեան աշխարհէն ձեւաւորուած հայ արծաթագործներու սփիւռքին մասին, կը փարատի անշուշտ այն գիտելիքով, որ ինչպէս Թոքաթ կ՚ըսէ՝ «անոնք գաղթեցին աշխարհի չորս ծայրերը, տանելով իրենց հետ իրենց գործերը, տաղանդը եւ հմտութիւնը»։

Aram Aramian, Nielloed silver wine gobblets, Aramian family collection
Արամ Արամեան, արծաթեայ սևատապատուած գինու գաւաթներ, մասնաւոր հաւաքածու

Կրնանք քանի մը քննադատութիւններ ալ ընել աշխատութեանս վերաբերեալ: Յամենայն դէպս, գրէթէ միշտ անոնք կը վերաբերին հայ վարպետներուն հանդէպ հեղինակի յատուկ խանդավառութեան եւ մեծարանքին։ Օրինակ՝ իր պնդումը թէ հայերը «բերած են ոսկերչական եւ արծաթագործական արուեստը Եգիպտոս» կրնայ հին Եգիպտոսի կամ միջնադարեան Ֆաթամիդ շրջանի ոսկերչութիւնը ուսումնասիրած ոևէ մեկու մը զարմանքը առաջացնել։ Մտքի տարբեր ձևակերպում մը աւելի լաւ պիտի հնչէր. սակայն այս նաեւ յիշեցում մըն է մեզի որ 13-էն 17-րդ դարերու իսլամական տարածքներու ոսկերչութիւնը եւ արծաթագործութիւնը աւելի լայն հետազօտութեան կը կարօտին։ Քիչ մը աւելի արտադրական մանրամասներ ալ ցանկալի պիտի ըլլային, չնայած որ աշխատանքի մէջ գտնուող արծաթագործներու քանի մը պատկերներ կան։ Օրինակ սեւատի բաղադրատոմսերու կողքին, ցանցահիւսազարդերու (filigree) նուիրուած բաժին մը ցանկալի պիտի ըլլար։ Նոյնպէս, Տրապիզոնի ոճի շղթայագործութեան (chain work) մասին կրնանք նշել – բան մը որ երկար տարիներ հեղինակիս տառապած է:

Ասոնք սակայն մանրուքներ են։ Յովսէփ Թոքաթի նշանաւոր «Հայ արծաթագործ վարպետներ»-ը մեզի համար պատուհան մը բացած է, որուն միջոցով ականատես կ՚ըլլանք հայ վարպետներուն եւ անոնց արուեստին։ Սոյն վարպետներու, անոնց նշաններու եւ գրաւիչ գործերու ընդարձակ նկարագրութեան շնորհիւ այս հատորը կարեւոր, ինչպէս նաեւ գեղեցիկ տեղեկատուական հրատարակութիւն մըն է. արժանի նուիրաբերում մը՝ այն տաղանդաւոր արուեստագետներուն, որոնց կը մեծարէ։

Passing trade secrets to the next generation
Արհեստի գաղտնիքներու փոխանցումը նոր սերունդին
Բրիտանացի պատմաբան Ճեք Օգդենի 45 տարուայ գիտահետազօտութիւն-ներու առանցքը կազմած են թանկարժէք քարերու եւ մետաղներու պատմական գործածութիւնը, տեխնալոգիաները եւ առևտուրը։ Ան քանի մը գիրքեր եւ բազմաթիւ յօդուածներ հեղինակած է այս նիւթերուն շուրջ, ինչպէս նաեւ դասախօսած է աշխարհով մէկ։
Վերջերս ան հրատարակած է «Ադամանդներ. գոհարներու թագուհիի հին պատմութիւնը (Yale University Press 2018)։ Անոր շնորհուած են Տոքթորի կոչում Դուրհամի համալսարանի կողմէ, ինչպէս նաեւ Gem-A Գոհարագիտութեան եւ Արուէստի Մասնագիտացման Իրաւունքի եւ Բարոյագիտութեան վկայականներ Արուէստի եւ իրաւունքի կաճառի կողմէ։ Ան Լոնտոնի Հնահաւաքներու Ընկերութեան ընտրեալ Անդամ է եւ Ոսկերչական Պատմագէտներու Հասարակութեան նախագահը։ Օգդեն կը բնակի Օքսֆորդշայըր, Միացեալ Թագաւորութիւն։

 

Silver belt, mid-19th century, Sivas. Museum of History of Armenia.
Արծաթեայ գօտի, 19-րդ դարու կէս, Սիվաս։ Հայաստանի պատմութեան թանգարան։
   
   
   
   
   
   
   
   
   
Videos Publications Gallery Contacts Sign Up !
Follow us on
© 2016 AJF Foundation. All Rights Reserved